Վատիկանի նամակատունը, ֆրանչիսկոս` Հռոմի Պապի քահանայապետութեան երկրորդ տարուայ առթիւ`
դրոշմաթուղթ կը հրատարակէ
13 մարտ 2013ի, ժամը 20.23-ին, Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ, ս. Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական
պատշգամէն, ներկայացաւ ս. Պետրոս հրապարակի վրայ համախմբուած խուռն հաւատացեալներուն,
որպէս Հռոմի եկեղեցւոյ 266-րդ Քահանայապետը, ընտրելով ֆրանչիսկոս անունը։ Անոր առաջին
խօսքերը եղան. ''եղբայրներ ու քոյրեր, բարի երեկոյ'', ինքնաբուխ ու դիւթիչ այս խօսքերը
դրսեւորեցին նոր Քահանայապետին պարզ եւ լուսաւոր նկարագիրը եւ քիչ ժամանակուան մէջ Ան
մեծ ժողովրդականութիւն շահեցաւ ու դարձաւ շատ սիրուած անձնաւորութիւն։ Իր կեանքի
վկայութեամբ, համայն աշխարհին ցոյց տուաւ, ու կը շարունկէ տալ, Հօր Աստուծոյ սէրը հանդէպ
բոլոր զաւակներուն եւ միաժամանակ Եկեղեցին դրաւ մեծ շարժումի մէջ ։ Ան յատուկ սէր ցոյց
տուաւ աղքատին, յաճախ արտայայտեց իր յանձնառումը աշխարհի խաղաղութեան համար, աղօթքով
եւ ծոմապահութեամբ, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքին։ Ան
կ'ուսուցանէ որ քրիստոնեան ոչ միայն պարտական է յարգել ամէն մարդ, ամէն արարած այլ եւ
արարչագործութիւնը` հոգ տանելով ու պահպանելով բնութիւնը վերակոչելով օրինակը ս. ֆրանչիսկոսի։
Նշանակալից եղան անոր հանդիպումը Լամբետուզայի փախստականներուն հետ, ու երիտասարդներուն
հետ, որոնք մեծ խանդաղատանքով զինք ընդունեցին Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէրոյի մէջ` երիտասարդութեան
համաշխարհային օրերուն առթիւ ։ Սկիզբ տալով Իր քահանայապետութեան երկրորդ տարւոյն,
Վատիկանի նամակատունը չորս դրոշմաթուղթի շարքով մը կը պատկերացնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի
քահանայապետութեան առաջին տարուայ նշանակալից պահերը։